«iOs 11»-ին Հայերէն Ստեղնաշարը
Տարիներէ ի վեր Ափըլահայերը կը սպասեն որ իրենց հեռաձայնն ալ հայերէն ստեղնաշար մը ունենայ:
Բազմիցս լեզուներու ստեղնաշարեր գոյութիւն ունեցած են «iOs»-ի տարիներու թարմացումներուն մէջ, սակայն հայերէնը միշտ ալ բացակայ եղած է:
Ինչու՞: Չեմ գիտեր: Թերեւս ալ գիտեմ:
Քանի մը տարի առաջ, Հայերէնով գրելու համար պարտաւոր էիր հայերէն ստեղնաշարի ծրագիր մը ներբեռնել, հոն գրել գրելիքդ, ետքը «copy-paste» ընել: Երկար-բարակ գործ:
«iOs 8»-էն ետք գործը դիւրացաւ քիչ մը: Այս թարմացումը կ'արտօնէր ստեղնաշարեր աւելցնես ցանկիդ մէջ այլ ծրագիրներու միջոցաւ: Այսինքն՝ ա՛լ պէտք չունիս «copy-paste» ընելու, ուղղակի կը գրես ուր որ պիտի գրես: Լաւ ծրագիրներէն մէկը «HayTar»-ն էր: Ունէր Արեւմտահայերէն «ARM Western» (ԽՎԷՐԴԵ), «ARM Phonetic» (ՔՈԵՌՏԸ), եւ «ARM Typewriter» (ՃՓԲՍՄՈ) տարբերակները, եւ քանի մը բան փոխելու հնարաւորութիւն կուտար, օրինակ.- «Ւ» տարը փոխարինել «ՈՒ»ով, կամ՝ հակառակը:
Ամիս մը առաջ՝ «iOs»-ի վերջին թարմացումին մէջ, տեսանք Հայերէն ստեղնաշար կայ: Հրճուա՜նք: Շուտով հանեցի միւս ծրագիրները, որովհետեւ անպէտք էին այլեւս: Վստահ կատարեալ բան մը չէր, նոր իջած է: Քանի մը բան նշեմ:
1- Ի տարբերութիւն այլ ծրագիրներու, այս ստեղնաշարը մէկ տարբերակ ունի՝ Արեւմտահայերէնն է (ԽՎԷՐԴԵ)
2- Ստեղնաշարին անունը գրուած է «հայերեն» եւ ոչ «հայերէն»: Արդի ուղղագրութեամբ է, տեսնողը արեւելահայերէնի հոտ կ'առնէ:
3- Ստեղնաշարին մէջ «Go»-ն «գնալ» թարգմանուած է: Դարձեալ Արեւելահայերէն է:
4- Ստորակէտ մը դնելու համար պէտք է 3 էջ փոխես:
Մէկ խօսքով՝ Արեւմտաւելաւհայերէն ստեղնաշար մըն է, բայց նշուած կէտերը շտկելը շատ դիւրին է: Կարեւորը հիմա հայերէն ստեղնաշար կայ: Կը մնայ ունենանք սրբագրիչ մը, որ ըստ իս, շա՜տ բան կրնայ փոխել համացանցի վրայ հայատառ գրելու գծով:

Ստեղնաշարին Գլխագիր տառերը |
Ստեղնաշարին առաջին էջը |
երկրորդ էջը |
երրորդ էջը |
«iOs 11»-ին Հայերէն Ստեղնաշարը
Reviewed by Armen
on
10:10:00 PM
Rating:
No comments: